2014-01-04 10:00:49

Քահանայապետական տան կառավարիչը` գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն՝ կը հաստատաէ թէ ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'ուզէ բարեփոխել ոչ թէ Եկեղեցւոյ հաւատքը այլ հաւատացեալները''։


Քահանայապետական տան կառավարիչը` գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն Գերմանիոյ հեռուստատեսիլին հետ ունեցած ելոյթով հաստատած է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'ուզէ բարեփոխել ոչ թէ Եկեղեցւոյ հաւատքը այլ հաւատացեալները։ Անոր գնահատումով պէտք չէ սպաասել որ Վատիկանի մէջ յեղափոխութիւն մը տեղի ունենայ։ ''Երկու քահանայապետներու միջեւ կայ բացարձակ շարունակականութիւն մը'' ըսած է գերապայծառ Կէյնզուէյն, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նկարագրելով որպէս ''շատ բաց եւ անկեղծ մարդ'' որ հանդիպումներու ընթացքին ոչ մէկ տարբերութիւն կը դնէ դիւանագէտի, եկեղեցական թէ աշխարհական անձերու միջեւ։ Բացի ասկէ, ան բնատուր շնորհք մը ունի անմիջապէս ջերմ կապեր հաստատելու իր խօսակիցներուն հետ – մատնանշած է Քահանայապետական Տան կառավարիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.